2017-01-13 13:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 13 Յունուարի Թուիթը` ''Աղօթենք անպաշտպան երախաներուն համար''


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 13 յունուար 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ ակնարկելով դարձեալ գաղթականներու եւ փախստականներու յառաջիկայ Կիրակի` 15 յունուարին նշուելիք միջազգային 103-րդ օրուան, հրաւէր ուղղեց աղօթելու այն երախաներուն համար որոնք յաճախ ստիպուած են փախչիլ իրենց ծննդավայրերէն ու բռնութիւններու բերումով կը մնան միայնակ, դառնալով ամենէ անպաշտպան ու խոցելի էակները։ Սրբազան Հայրը միեւնոյն թուիթով հրաւէր ուղղեց օգնութեան հասնելու այդ երախաներուն։

''Փախչելու ստիպուած երախաները, մասնաւորապէս եթէ միայնակ են, ամենէ անպաշտպան ու խոցելի անհատներ են. Աղօթենք անոնց համար եւ օգնենք անոնց'' գրեց Սրբազան Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.